ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը եզրափակուեցան։ Ծանօթ է, որ երկար տարիներէ ի վեր Շիշլի Գնալը կղզիի մէջ ամրան շրջանին կը կազմակերպէ վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի դասընթացքներ։
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ամրան դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութիւնը։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով եղանակի փակման այս հաւաքոյթը կը կազմակերպուի Կազդուրման կայանի շրջափակէն ներս, ինչ որ տեղին կարգադրութիւն մըն է։ Ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած Շիշլի մարզակումբի վարչայինները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին դասընթացքներուն մասնակից տղաքն ու իրենց ընտանիքները։ Աշակերտները ստացան իրենց վկայականները՝ արժանանալով գնահատանքի արձակուրդի շրջանին ցուցաբերուած հետեւողականութեան համար։
Մինչ այդ, ակումբի վարչութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը Հայր Սուրբին ձեռամբ յանձնուեցան կղզեբնակ մեր այն մարզասէր ազգայիններուն, որոնք իրենց աջակցութիւնը բերած են ամրան դասընթացքներու ծրագրին։
Հանդիսութեան աւարտին տղոց ի պատիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ յաջորդած ընդունելութիւնը անցաւ ջերմ զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ։ Այս տարուան դասընթացքները զուգադիպեցան Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին, ինչ որ արտասովոր իմաստ մը վերագրեց այս ծրագրին, որ երկար տարիներէ ի վեր շարունակական ջանքերով յառաջ կը տարուի կղզիի վրայ։ Ծանօթ է, որ Շիշլի մարզակումբը ձմրան շրջանին ալ կը կազմակերպէ նման դասընթացքներ։