ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԱԼԱԹԻԱ

Համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Մալաթիոյ իրադարձութիւններուն վրայ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ այսօր հովուապետական այցելութեամբ Մալաթիա կը մեկնի՝ իր հետն ունենալով մեր հոգեւորական դասէն հայրեր։ Պատմական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին ի հիմանէ վերանորոգուած է եւ յառաջիկայ շրջանին պիտի օգտագործուի որպէս մշակութային կեդրոն՝ մինչ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ատեն-ատեն կրօնական արարողութիւններ ալ տեղի պիտի ունենան այնտեղ։

Գումգաբուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վաղը առաւօտ եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը նախատեսուած է։ Յետմիջօրէին տեղի պիտի ունենայ նաւակատիքի արարողութիւնը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ պիտի օծուին նորաշէն Ս. Սեղանները։ Կիրակի առաւօտ ալ պիտի մատուցուի անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Նորին Ամենապատուութեան ուղեւորութեան ծրագրին վրայ նախատեսուած են հանդիպումներ պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Այս իրադարձութիւնը մէկ կողմէ փոքր Ասիոյ մէջ հայոց վաղեմի ներկայութեան վերաբերեալ յիշողութիւնները կը վերակենդանացնէ, իսկ միւս կողմէ գաւառաբնակ այժմու սակաւաթիւ հայութիւնը կը համախմբէ։

Հովուապետական այցելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պիտի ընկերանան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, ինչպէս նաեւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։

Մալաթիոյ մէջ կատարուելիք Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Երգչախումբի շրջանակները տեղեկացուցին, որ մեծ կարեւորութիւն կը վերագրեն այս պատմական արարողութեան երգեցողութիւններու կատարման։ 92-ամեայ Լուսաւորիչ երգչախումբը նախապէս Հաթայի, Կեսարիոյ, Տիարպաքըրի եւ Վանի եկեղեցիներուն մէջ ալ Ս. Պատարագի երգեցողութիւններով հանդէս եկած էր։ Յակոբ Մամիկոնեանի սաները նոյն ծիրին մէջ կը դասեն այս արարողութիւնը՝ մինչ անոնք կը վերյիշեն նաեւ իրենց կատարած Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները՝ Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարին եւ Երեւանի Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Մալաթիոյ Ս. Պատարագի ընթացքին երգեհոնը պիտի նուագէ Մելինէ Թեմելճի։

Լուսաւորիչ երգչախումբի անդամները վաղը ճանապարհ դուրս պիտի գան դէպի Մալաթիա եւ կիրակիի երգեցողութիւններէն վերջ պիտի վերադառնան քաղաքս։

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021