Ուրբաթ 24, Յունուար 2025
ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու գործակից ընկերները։
Թաղային խորհուրդի անդամները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տուին Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներուն շուրջ։ Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ համայնքային մարմիններու յառաջիկայ ընտրութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած տեղեկութեանց համար եւ հայրական յորդորներ կատարելով՝ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր ու համայնքանուէր գործունէութեանց մէջ։
Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022