Ուրբաթ 24, Յունուար 2025
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէրը։
Տեսակցութեան ընթացքին թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներուն մասին։ Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ համայնքային մարմիններու յառաջիկայ ընտրութիւնները։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած տեղեկութեանց համար եւ հայրական յորդորներ կատարելով յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր ու համայնքանուէր գործունէութեանց մէջ։
Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022