Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՄՈՒՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ՝ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆԻ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ պաշտօնական դիմում մը կատարեց ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հասցէագրուած համապատասխան աղերսագիրը յանձնուած է նոյն տնօրէնութեան Իսթանպուլի Բ. շրջանի մասնաճիւղին։

Խնամակալութիւնը այս դիմումով պահանջած է, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պարագային ընտրութիւնը իրականացուի ամբողջ Իսթանպուլի մէջ։ Աղերսագիրին մէջ յղում կատարուած է՝ խնամակալութեան կողմէ նախապէս պատկան իշխանութեան տրուած 18 օգոստոս 2022 թուակիր որոշման։ Այդ որոշումով խնամակալութիւնը որդեգրած է այն ընթացքը, որով Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտրութեան համար որպէս ընտրասահման պէտք է ճանչցուի ամբողջ Իսթանպուլը։

Աղերսագիրին մէջ յիշեցուած է, որ 18 յունիս 2022 թուականին շրջանառութեան մէջ մտած փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2022 թուականը ընտրութիւններու կատարուիլը։ Ս. Խաչ դպրեվանքի պարագային միայն Իսթանպուլի Ա. շրջանի ընտրողները քուէարկելու եւ խնամակալութեան անդամի թեկնածու ըլլալու իրաւունք ունին։ Այս հիման վրայ աղերսագիրին մէջ զանազան պատճառաբանութիւններ թուարկուած են, որպէսզի այս հաստատութեան պարագային ընտրաշրջանի սահմանները ընդլայնուին՝ ընդգրկելով քաղաքի ընդհանուրը։

Յարակից տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանի ստորագրութեամբ յանձնուած աղերսագիրին՝ պատկան մարմիններուն կողմէ մակագրուած պատճէնը։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022