ԽԱՆԴԱՎԱՌ «ՀԱՅ ԵՐԳԻ ՕՐ»Ը

Սե­փա­կան թղթակ­ցու­թիւն.-

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Իմ Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան փա­ռա­տօ­նի շրջագ­ծով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան խան­դա­վառ հա­մերգ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Կո­մի­տաս» սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տան մէջ։ «Հայ եր­գի օր» կո­չուած ե­րե­կոյ­թը ձօ­նուած էր Մեծն Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին։ Վե­րո­յի­շեալ փա­ռա­տօ­նի նա­խա­վեր­ջին ձեռ­նարկն էր այս հա­մեր­գը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Ե­րու­սա­ղէ­մէն, Թուր­քիա­յէն, Լի­բա­նա­նէն, Ճա­բո­նէն, Ե­թով­պիա­յէն, Ի­րա­նէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Շուէ­տէն, Ար­ցա­խէն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն եւ Հա­յաս­տա­նէն բազ­մա­թիւ ե­րա­ժիշտ­ներ։ Յայ­տագ­րի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր իս­թան­պու­լա­հայ հա­մակ­րե­լի եր­գիչ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան։

«Իմ Հա­յաս­տան» փա­ռա­տօ­նը կը կազ­մա­կեր­պուի ար­դէն ե­րեք տա­րիէ ի վեր։ Իսկ այս տա­րի, ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կը զու­գա­դի­պե­ցաւ Կո­մի­տա­սի ծննդեան օ­րուան, հե­տե­ւա­բար ձօ­նուե­ցաւ նաեւ ա­նոր։ Յայ­տագ­րի մաս­նա­կից­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն նմոյշ­ներ եւ հայ­կա­կան եր­գա­րուես­տէն այլ գո­հար­ներ։ Իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ ե­րե­կոյ­թը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ հեր­թա­կան ան­գամ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար Կո­մի­տա­սի բե­րած ա­ւան­դը՝ հայ ե­րաժշ­տու­թեան զար­գաց­ման եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րաժշ­տու­թեան։

Ձեռ­նար­կի հան­դի­սա­վարն էր Սար­գիս Նա­ճա­ռեան, որ տասն տա­րի ա­ռաջ բե­մա­կան դե­րով մարմ­նա­ւո­րած էր Կո­մի­տա­սը։

Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին մեկ­նա­բա­նեց Ար­մէն Տիգ­րա­նեա­նի «Գու­սա­նի եր­գը»՝ «Դա­ւիթ Բէկ» օ­փե­րա­յէն։ Ան մե­զի յայտ­նեց, որ ինչ­պէս նա­խորդ ան­գամ, այս տա­րի եւս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան զգա­ցու­մով մաս­նակ­ցած է փա­ռա­տօ­նին ու միշտ պատ­րաս­տա­կամ է յա­ջորդ տա­րի­նե­րուն եւս մաս­նակ­ցե­լու եր­գի այս հա­մա­հայ­կա­կան ձեռ­նար­կին։

Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան եւ ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից միւս ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը պար­գե­ւատ­րուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի կող­մէ։ Այս առ­թիւ նա­խա­րա­րը հան­դէս ե­կաւ հա­կիրճ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տեց, թէ խորհր­դան­շա­կան կը նկա­տէ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու հա­մախմ­բու­մը Հա­յաս­տա­նի մէջ, ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին ու Կո­մի­տա­սին ձօ­նուած ձեռ­նար­կի մը շար­ժա­ռի­թով։ «Ինչ­պէս յա­ւերժ է Կո­մի­տասն ու ա­նոր ստեղ­ծած ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, այն­պէս ալ յա­ւերժ է Հա­յաս­տա­նը՝ հա­մայն հա­յու­թեան հայ­րե­նի­քը», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016