Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները։ Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Պատրիարքարանի երդիքին տակ երիտասարդներու ներկայութեան համար։ Ան շեշտեց միասնականութեան կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, որ ինք միշտ նեցուկ պիտի կանգնի իրենց, սակայն երիտասարդներն ալ պէտք է կեդրոնանան իրենց աշխատանքին վրայ։ Ընդհանուր փոխանորդը այս առումով կարեւորեց յանձնախումբի առաքելութիւնը։

Աւելի վերջ խօսք առաւ Արի Չոլաք, որ կը գլխաւորէ երիտասարդաց յանձնախումբը։ Ան յայտնեց, որ յանձնախումբը կը գործէ երկու ամիսէ ի վեր եւ այս ընթացքին ունեցած է որոշ ձեռքբերումներ։ Այս ամբողջին մէջ Արի Չոլաք մասնաւորապէս շեշտեց իրենց կողմէ ենթայանձնախումբերու ստեղծուիլը։

Հանդիպման տեւողութեան Երիտասարդաց յանձնախումբի զանազան անդամները նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին մշակուած ծրագիրներու շուրջ, որոնք կը վերաբերին զանազան բնագաւառներու։ Երիտասարդներու կողմէ ներկայացուած նախագծերը ունէին նաեւ հասարակաց յայտարար մը։ Այսպէս, անոնք կը նախատեսեն իրենց աշխատանքը յառաջ տանիլ համայնքի նոյնանման առաքելութեամբ կառոյցներուն հետ համագործակցաբար։

Քննարկումներու աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կրկնեց երիտասարդներու ուղղեալ իր յորդորներն ու խրատները։ Նորին սրբազնութիւնը յաջողութեան մաղթանքներ յղեց յանձնախումբին, որու անդամներու ուրախութիւնը ակներեւ էր իրենց հայեացքէն։ Ընդհանուր փոխանորդի խօսքով՝ յանձնախումբը յոյս կը ներշնչէ, թէ Պատրիարքարանի երդիքին տակ պիտի կատարուին դրական աշխատանքներ, որոնց պիտի ներգրաւուին մեր համայնքի երիտասարդները։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ երիտասարդներու կորովը յաջողութիւններու առիթ պիտի դառնայ եւ այդ յաջողութեան պտուղներն ալ ընդհանուր գնահատանքով եւ ուրախութեամբ պիտի ընկալուին մեր համայնքին կողմէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018