ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԹԵՆԻՍԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑ

Շիշլի մարզակումբի կողմէ կազմակերպուած դասընթացներու մարզաձեւերու շարքը վերջին շրջանին համալրուած է թենիսով։ Անցեալ ամառ կազմակերպուած թենիսի դասընթացները արժանացած են անմիջական ուշադրութեան եւ այս հանգամանքը ակումբի վարչութեան վստահութիւն ներշնչած է, որ ստեղծուած նախընթացը ձմեռն ալ շարունակուի։ Ուստի, երէկ, նոր եղանակի թենիսի առաջին դասընթացը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ ակումբի վարչայիններու, այլ պատասխանատուներու, պատանի մարզիկներու եւ մարզիչներու։ Դասընթացները տեղի կ՚ունենան Հարպիէի «Հիլթըն» պանդոկի համալիրէն ներս։

Շիշլիի վարչութիւնը համոզուած է, թէ այս դասընթացներով կը վերակենդանանայ նաեւ հոգելոյս Վահրամ Շիրինեանի յիշատակը։ Արդարեւ, Հանրապետական շրջանին Շիշլի մարզակումբը կարեւոր նպաստ մը բերած է այս մարզաձեւի ճանաչման եւ ընդհանրացման ուղղութեամբ։ Հոգելոյս Վահրամ Շիրինեան մարզակումբէ ներս թենիսի բաժանմունքի հիմնադիրներու եւ առաջին մարզիկներու շարքին տեղ առած էր։ Ան նուաճած էր բազում ախոյենութիւններ եւ մետայլներ, այլ բաժակներով ու կոչումներով հանդերձ։ 1930 թուականին Աթէնքի մէջ կազմակերպուած Պալքանեան Ողիմպիականներուն մէջ ալ առաջնութիւն շահած էր։ 1970 թուականին Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ պատուոյ վկայականի արժանացած էր։ Մահացած էր 1992 թուականին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2021