ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՕՏ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութը եւ իր կողակիցը։ Դեսպան Լանտրութին ընկերացան ԵՄ-ի առաքելութեան քաղաքական խորհրդականը՝ Սթեֆանօ Ֆանթարոնի եւ քաղաքական գործերու բաժանմունքի խորհրդականներէն Սեմա Քըլըչէր։

Դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութ այս շրջանին շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ զանազան կրօնական կառոյցներուն հետ եւ այս շրջանակին մէջ այցելեց Պատրիարքարան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց եւրոպացի դիւանագէտն ու կողակիցը, նաեւ անոնց ընկերակիցները։ Զրոցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան ու գործունէութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։

Հիւր դեսպանը Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ ստորագրեց Պատրիարքարանի պատուոյ տոմարը։

Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն ընկերացան Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման մօտալուտ 850-րդ տարելիցի ծրագիրներուն շուրջ։

Միւս կողմէ, Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց համայնքային շրջանակներէ խումբ մը ակադեմականներ, որոնց հետ զրուցեց զանազան հարցերու շուրջ։ Նոյնպէս երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ Պատրիարքարանի «Մենթի-Մենթէօր» ծրագրի գործակից երիտասարդներուն հետ։

Այս բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022