ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

Շիշլի մարզակումբի ձմրան դասընթացքները արդէն սկսած են՝ արժանանալով անմիջական ուշադրութեան։ Այս եղանակին դասընթացքներ նախատեսուած են վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, թենիսի, մարմնամարզի եւ ճատրակի մարզաձեւերուն մէջ։ Ձմրան դասընթացքները տեղի կ՚ունենան՝ Շիշլի մարզակումբի Թաքսիմի հաւաքատեղիին, Սենթ-Փիւլշերի ֆրանսական լիսէի մարզադահլիճին (Թաքսիմ), Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզադահլիճին եւ Գարակէօզեան Տան մարզադահլիճին (Շիշլի) մէջ։

Ակումբի վարչութիւնը 2022-2023 շրջանին ալ կը նախատեսէ կազմակերպել կարգ մը աւանդական մրցաշարքեր՝ թէ՛ դասընթացքներու մասնակից սաներուն եւ թէ՛ անոնց ծնողներուն ուղղեալ ծրագիրներով հանդերձ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022