ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ռաֆֆի Պօզաճեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Իր կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Յուզումնախառն հրաժեշտի ընթացքին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վշտակից եղաւ հանգուցեալի ընտանիքին։

Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շրջապատուած էր հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը՝ վեր առնելով հանգուցեալին բարի յիշատակը։

Այսպէսով, նորոգ հանգուցեալ Ռաֆֆի Պօզաճեան յաւերժութեան ճանապարհը բռնեց՝ աղօթակցութեամբ հոծ թիւով յուղարկաւորներու, որոնք միեւնոյն ժամանակ բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցին իր հարազատները։

Հոգելոյս Ռաֆֆի Պօզաճեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022