«ԱՐԱՐԱՏ ԵՒ ԱՆԻ» ՓԱՍՏԱՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ «ԱԿՈՒՄԲ»ԻՆ ՄԷՋ

Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից վար­չա­կան շէն­քի «Ա­կումբ»էն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։ Հո­գա­բար­ձու­թեան հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գծով պա­տաս­խա­նա­տու Թա­լին Էր­կիւ­նէ­շի ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րու շրջագ­ծով կո­կիկ թի­ւով հե­տաքր­քիր­նե­րու հա­մար ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ «Ա­րա­րատ եւ Ա­նի» խո­րագ­րեալ ժա­պա­ւէ­նը, որ այս տա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի մը դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին մաս կազ­մած էր։ Այս ժա­պա­ւէ­նին հե­ղի­նակն է Կար­սի Մշա­կոյ­թի եւ գե­ղա­րուես­տի միու­թեան նա­խա­գահ Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ։ Այս վեր­ջի­նը շուրջ ժամ մը տե­ւած ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թե­նէն վերջ ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ ալ տուաւ իր գոր­ծին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ, որ կը բնա­կի Կար­սի մէջ մաս­նա­ւոր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ յի­շեց եր­կու ա­նուն­ներ, ո­րոնք մե­ծա­պէս նպաս­տած էին իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քին։ Այդ եր­կու ա­նուն­ներն են՝ ա­րուես­տա­գէտ Եալ­չըն Ե­լէն­ճէ եւ «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի ղե­կա­վար Օս­ման Քա­վա­լա։ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ տա­րուան չորս ա­միս­նե­րուն պատ­մա­կան Ա­նի քա­ղա­քի ա­ւե­րակ­նե­րը օ­դէն նկա­րա­հա­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է, ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քե­րու՝ «տրոն»նե­րու մի­ջո­ցաւ։ Ծա­նօթ է, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Ա­նի ընդգր­կուե­ցաւ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին վրայ։ Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ նշեց, որ հա­մա­պա­տաս­խան ո­րոշ­ման կա­յաց­ման նպա­տա­կով ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ին ներ­կա­յա­ցուած փաս­տա­թուղ­թե­րու շար­քին գտնուած են նաեւ իր կող­մէ պատ­րաս­տուած նիւ­թեր։ Ան այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայտ­նեց մեծ ու­րա­խու­թիւն։

Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ շեշ­տեց, որ ինք աշ­խա­տանք կը տա­նի նաեւ Ա­նիի ստոր­գետ­նեայ բա­ժին­նե­րուն վրայ, ո­րոնք տա­կա­ւին վերջ­նա­կա­նօ­րէն չեն բա­ցա­յայ­տուած։ Այդ աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ քա­նիցս այ­ցե­լած է նաեւ Հա­յաս­տան՝ նկա­րա­հա­նում­նե­րու հա­մար։

Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ հե­ղի­նա­կած է նաեւ «Ա­նիի խորհր­դա­ւոր ե­րե­սա­կը» խո­րագ­րեալ գիրք մը, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին լոյս պի­տի տես­նէ «Arkeoloji ve Sanat» հրա­տա­րակ­չու­թեան կող­մէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016