ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօտ մեկ­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պի­տի մաս­նակ­ցի Նիւ Եոր­քի մէջ նա­խա­տե­սուած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջա­նին, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։ Նոյն օ­րե­րուն հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ փա­ռա­շուք հան­դի­սու­թիւն­նե­րով պի­տի նշուի նաեւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան 17-րդ տա­րե­դար­ձը։

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նայ 6 Նո­յեմ­բեր 2016, Կի­րա­կի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016