Շաբաթ 8, Փետրուար 2025
ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ու Գարակէօզեան Տան միջեւ վերջերս տարակարծութիւն մը գոյացած է կալուածի մը վերաբերեալ։ Սոյն հարցով, Նորին Ամենապատուութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին հանդիպումներ ու գաղափարի փոխանակումներ ունեցած է երկու կողմերուն հետ եւ բերած՝ իր հայրական թելադրութիւնները։
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը այս առթիւ հրաւէր ուղղած է կողմերուն, որպէսզի անոնք Պատրիարքարանի մէջ հանդիպին իրարու հետ 28 հոկտեմբեր 2020, չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին եւ սատարեն հարցին բարւոք լուծման։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020