ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շփումներ ունեցաւ Տիարպաքըրի մէջ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որու վերանորոգութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Քաղաքի պատմական պարիսպներէն ներս, Սուր թաղամասի այս եկեղեցին մօտաւոր անցեալին ի հիմանէ վերանորոգուած էր, սակայն դարձեալ լրջօրէն վնասուած՝ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին ժամանակ, լայնածաւալ գործողութիւններուն պատճառով։ Ուստի, պետութիւնը ձեռնարկած է այս սրբավայրի վերստին նորոգութեան։ Նկատի ունենալով, որ ուրիշ սրբավայրերու բաղդատմամբ այս պարագային գործին ծաւալը շատ մեծ է՝ ցայսօր չեն վերջացած աշխատանքները։ Յամենայնդէպս, ընդհանրապէս ամէն ինչ բաւական հասունցած ըլլալ կը թուի եւ ընդհանուր գործի պատկառելի տոկոսը ի կատար ածուած է։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ականատես դարձաւ այս բոլորին։ Ան նաեւ քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ քաղաքի ղեկավարութեան։ Իրեն ընկերացան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ գաւառի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք եւ գործակից ընկերներն ալ Նորին Ամենապատուութեան շքախումբին մաս կազմեցին Տիարպաքըրի շփումներուն ժամանակ։

Տիարպաքըրի եկեղեցին գաւառէ ներս Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան տակ գործող մեր հինգ եկեղեցիներէն մին է։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ այցելեց այս եկեղեցին։ Ան այցելեց նաեւ քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցին, որ եւս ներկայիս խոնարհուած է։ Տիարպաքըրի հայոց գերեզմանատունն ալ այցելեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, ուր առ Աստուած աղօթք բարձրացուց ննջեցեալներու հոգւոյ հանգստութեան համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տարուած աշխատանքներուն շուրջ, որոնք յառաջ կը տարուին Զիւլֆիքեար Հալիֆէօղլուի վերահսկողութեան ներքեւ։ Աշխատանքները կ՚ընդգրկեն նաեւ սրբավայրի համալիրին յարակից եկեղեցապատկան կալուածները։

Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Տիարպաքըրի կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիարպաքըրի մէջ եկեղեցիներու նկատմամբ ցուցաբերուած զգայնութեան համար։ Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեսակցեցաւ Սուրի գաւառապետ Ապտուլլահ Չիֆթճիի եւ Տիարպաքըրի վաքըֆներու շրջանային տնօրէն Պեշիր Ճինտիօղլուի հետ։

Օրուայ աւարտին Էրկիւն Այըք եւ իր գործակից ընկերները ընթրիք մը սարքեցին ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան, որ երեկոյեան ժամերուն օդային ճամբով վերադարձաւ Իսթանպուլ, իրեն ուղեկից քահանայ հայրերուն հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021