ԱՐՄԷՆ ՏԷՐ-ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ ԵՒ ԱՇՈՏ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի վերա­տե­սուչ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան եւ փոխ-վե­րա­տե­սուչ Ա­շոտ Ղա­զա­րեան այս ա­ռա­ւօտեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Ե­րե­ւա­նէն ժա­մա­նեցին Իս­թան­պուլ։ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) կրթա­կան յանձ­նա­խում­բին ա­նու­նով ա­նոնք դի­մա­ւո­րուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէ­քի կող­մէ։ Հիւ­րե­րը օ­դա­կա­յա­նէն ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան իրենց ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կը, ու կարճ հան­գիստ մը առ­նե­լէ վերջ ար­դէն ձեռ­նար­կե­ցին ի­րենց եր­կօ­րեայ ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան։ Այ­սօր եւ վա­ղը ա­նոնք խտա­ցեալ ձե­ւով շփում մը պիտի ու­նե­նան հա­մայն­քա­յին կրթա­կան շրջա­նակ­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ։ Վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ա­ռըն­թեր հիւ­րե­րը պի­տի մէկ­տե­ղուին նաեւ Թուր­քիոյ շարք մը հա­մալ­սա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ 

Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան եւ Ա­շոտ Ղա­զա­րեան Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն պի­տի վե­րադառ­նան Ե­րե­ւան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015