ՄԱՆԿԱՆՑ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐՈՎ ԳԾՈՒԱԾ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԸ. ԳԱԼՖԱԵԱՆ

Հարիւր յիսուն եւ երկու տարիներ անցան այն օրէն, երբ հոգւով ու սրտով վեհ հայուհին՝ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեան ուխտեց տէր կանգնիլ իր ազգի որբացեալ ու կարիքաւոր զաւակներուն եւ դարձաւ երախտաշատ մայր մը։ Տարիներ անցան այն օրերէն, երբ Սրբուհի Մայրապետի ձեռամբ սկիզբ առին սուրբ առաքելութեան առաջին քայլերը եւ այդպիսով ամուր եւ անսասան հիմք մը հաստատուեցաւ Պոլսոյ մէջ։ Երկա՜ր ու դժուար տարիներ… Դժուարութիւնը սիրոյ զօրութեամբ յաղթահարած, մխիթարութիւնը առաքելութեան ճամբով գտած տարիներ…

Բախտաւոր էր Գալֆաեանը, քանի ժողովուրդը եւս հաւատացած էր այս վարժարանի սուրբ առաքելութեան։ Ահա այս սկզբնակէտին որպէս հետեւանք, հաստատութիւնը իր մօտ միշտ գտաւ առաքելութեան օժանդակից բարեսիրտ անձեր եւ երբեք առանձնութեան խաւարին մէջ չկորսուեցաւ։ Յիրաւի լուսաւոր հաստատութեան մէջ զգալի էր ներկայութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ջահի անշէջ լոյսն ու Հռիփսիմեաց եւ Գայանեանց մայրապետական կոչումը։

Ինչո՞ւ կապուեցան շատեր այս Տան եւ չթողուցին զայն անմխիթար։

Կարիքաւոր մանկանց այլակերպուած կեանքերով գծուած սրբապատկեր մըն է Գալֆաեանը։ Ծունկի կու գանք այս սրբապատկերին դիմաց տեսնելու համար մեր նախնեաց խորախորհուրդ գիտակցութիւնը։ Այստեղ կը յայտնուի քաղցրանուշ «Անձինք նուիրեալք» շարականին բառերուն իմաստն ու նուիրումով շաղախուած ոգին։ Մայրապետներ, տեսուչներ, կրթական մշակներ, սպասաւորներ, ընտանիքներ, բարերարներ իրենց կենաց քնարով կը նուագեն նուիրուածութեան երգը երբ մուտք կը գործեն այս սուրբ հաստատութեան օրհնեալ երդիքէն ներս։

Աւելի քան կիսադարեան հասակ ունի հսկայ Գալֆաեանը, որուն մէջէն ծաղկեցան պատուական հայուհիներ եւ ընտանիքի մայրեր։ Միթէ կարելի՞ է որ մէկը իր մէջ ազգասիրութեան հուրն զգայ, եւ չզգացուի այս մեծ ու ահաւոր հաստատութեան եզակի գործունէութեամբ։ Համայնքային կեանքէն ներս, Գալֆաեանի առաքելութեան անհրաժեշտութիւնը տեսնելով, կարելի՞ է անփոյթ մնալ եւ մեր սրտերն ու քսակները հեռու պահել անկէ։ Եւ ի վերջնումն այս բոլորին, անտունի մանկանց տուն դարձած այս օճախը, կարելի՞ է նիւթական եւ բարոյական ցուրտին դիմաց թողուլ որ ան մսի։ Ո՛չ, ընդ միշտ ո՛չ…

Թող օրհնուի՛ յիշատակը երանելի մայրապետ Սրբուհի Գալֆաեանի եւ իր թողած սրբազան ժառանգը որ կը կոչուի «Գալֆաեան»։

Այսօր, տարեկան տօնախմբութեան առիթով մենք ակամայ մեր հայեացքը կ՚ուղղենք դէպի անցեալ՝ տեսնելու համար ապագայի մեր ուղին։ Այդ պահուն կարող չենք քեզ չյիշել եւ քեզի նման չմտահոգուիլ մանուկներու կենաց համար։ Նեղութիւնը համբերութեամբ փարատած, համբերութեան մէջ իր եւ ժողովուրդին յոյսը գտած շնորհալի սպասաւորի կեանքի օրինակին կը հիանանք։ Կ՚ապշինք տեսնելով օրհնեալ մայրապետի քաջութիւնն ու զոհողութիւնը եւ հիասքանչ աչքերով կը դիտենք իր ժողովուրդի զաւակներուն սիրոյն կեանքի պայքար մղած մայրը։

Ո՜վ բարեսիրտ հսկայ մայր, դուն փոխանցեցիր մեծ պատասխանատուութիւն, որուն գիտակցութեամբ սերունդներ շալկեցին վարժարանի բեռը իրենց ուսերուն վրայ։ Դուն ըմբռնեցիր ժամանակի պահանջքն ու մեր զաւակներու պահպանութեան համար սուրբ հաստատութեան ներկայութեան միջոցը հաստատեցիր, հոգեւոր ցուցմունքներովը՝ ի մասնաւորի Ներսէս Եպսկ. Վարժապետեանի (ապա՝ պատրիարք), Կարապետ Ծ. Վրդ. Շահնազարեանի եւ Գէորգ  Ա. Քհնյ. Արծրունիի։

Այսօր լաւ առիթ է վերյիշելու այս բազմակողմանի հաստատութիւնը յիշելու համար։ Որքան մեծ չափով տէր կանգնինք մեր այս հաստատութեան, այնքան մեծ չափով ցոյց տուած պիտի ըլլանք Սրբուհի Մայրապետի, իր տեսլականին բաժնեկից հոգեւոր եւ աշխարհիկ վարիչներու նկատմամբ մեր երախտիքն ու հաւատարմութիւնը։ Ես ալ իմ կարգին կը խոնարհիմ վկայութիւն ու հաւատք բուրող այս հաստատութեան առաաքելութեան առջեւ։ Կ՚աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ հաստատ պահէ Գալֆաեանը եւ կարողութիւն պարգեւէ Առաքինազարդ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեանի, վարժարանի վարիչներուն ու կրթական մշակներուն, որպէսզի սերունդներ հայեցի դաստիարակութեամբ շաղախուին եւ վառ պահեն Գալֆաեան Տան ջահին լոյսը։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քա­րո­զիչ՝ Գա­տը­գիւ­ղի

26 նո­յեմ­բեր 2018, Գա­տը­գիւղ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2018