ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐԸ ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ուսուցչաց օրը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները իրենց գործադրած յայտագրով ուսուցիչներու նկատմամբ արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը։

Այս հանդէսին զուգահեռ վարժարանին մատակարար մարմինը Ուսուցչաց օր-ուան առթիւ դպրոցի կրթական մշակները պատուեց Հարպիյէի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, թէյասեղանի մը շուրջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2018