ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ

Անցեալ շաբաթավերջին՝ 23 եւ 24 նոյեմբերին Իսթանպուլի «Ճեւահիր» պանդոկի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ գագաթաժողով մը, որուն նիւթն էր «Կին եւ արդարութիւն»։

Միջազգային բնոյթ ունեցող սոյն ժողովին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բացակայութեան պատճառաւ, յանուն Աթոռոյ ներկայ գտնուեցաւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Հայր սուրբը բանախօսեց նաեւ 24 նոյեմբեր 2018, շաբաթ օրուան նիստին, նիւթ ունենալով «Կրօնքը որպէս միացուցիչ տարրը ընտանիքին»։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2018