ԼԱՅՆԱԽԱՐԻՍԽ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ սանուց միութիւններու վարչութեան ատենապետները։ Դահլիճի մէջ կազմակերպուած հաւաքի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հաւաքոյթը սկսաւ աղօթքով, որմէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց՝ մեր սանուց միութիւններու վարչայինները Պատրիարքարանի երդիքին տակ ողջունելու առիթին համար։ Ան յիշեցուց, որ վերջին շրջանին իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն, սարկաւագներուն, վարժարաններու տնօրէններուն, մամլոյ խմբագիրներուն եւ դպրաց դաս-երգչախումբերու տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Երէկուան հանդիպումը կու գար այդ շարքը համալրել սանուց միութիւններու վարիչներով։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց սանուց միութիւններու այժմու կացութեան եւ գործունէութեան կապակցութեամբ։ Իր նկատառման յանձնուած բացատրութիւններու լոյսին տակ ի յայտ եկաւ, որ մեր միւս բոլոր հաստատութիւններուն նման՝ սանուց միութիւններն ալ այս շրջանին կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ։ Այս ուղղութեամբ անշրջադարձելի դժուարութիւններ յարուցած էին՝ մօտաւոր անցեալի սահմանափակումները, որոնք հաստատուած էին համավարակի հետեւանքով եւ որոնք առաջին հերթին անկարելի դարձուցած էին ամէն տեսակ համախմբում փակ վայրերու մէջ։ Այդ իրավիճակին ներքեւ արդէն գործնականօրէն փակ մնացած էին մեր սանուց միութիւնները։

Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ, որ մեր սանուց միութիւնները ունին սրահներու վերաբերեալ խնդիրներ եւ, ընդհանրապէս, ֆիզիքական դժուարութիւններ, որոնց վրայ կու գան բարդուիլ նիւթական նեղութիւններն ու անդամներու նուազումը։ Նկատի ունենալով, որ ներկայ ժամանակներուն սերունդներու նախընտրութիւնները կը փոխուին՝ մեր սանուց միութիւններն ալ ակամայ կորսնցուցած են իրենց հրապոյրը։ Բարեբախտաբար, տակաւին կան նուիրեալներ, որոնք ունին պատկանելիութեան առողջ զգացում եւ անոնց հաւատարմութեան շնորհիւ սանուց միութիւններու գործունէութիւնը կը շարունակուի եւ ապագայ հեռանկարներու յոյսը չի կորսուիր։ Սանուց միութիւններու նիւթական դժուարութիւնները, ըստ էութեան, կը բխին այն հանգամանքէն, որ անոնք եկամտաբեր մշտական միջոցներ չունին։ Անոնց միակ հասոյթը կը գոյանայ անդամավճարներով եւ պատահական նուիրատուութիւններով։ Համայնքային կառոյցներու վարիչներն ալ ամբողջ ուժը կը կեդրոնացնեն վարժարաններու վրայ եւ այս պայմաններուն ներքեւ անուշադրութեան կը մատնուի, թէ 18-30 տարեկանի երիտասարդներու համախմբման համար ի՛նչ պէտք է ընել։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ մեր սանուց միութիւններու վարչայինները առողջ երկխօսութիւն պէտք է հաստատեն՝ տուեալ վարժարանի տնօրէնութեան եւ մատակարար մարմնին հետ։ Այսպէսով կարելի կրնայ դառնալ տակաւին դպրոցական տարիներէն աշակերտներուն զգալի դարձնել սանուց միութիւններու կարեւորութիւնը, ինչ որ յաջորդ քայլափոխին պիտի ապահովէ այնտեղ յաճախելը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորեց, որ համայնքային կառոյցներու մատակարար մարմիններուն հետ ալ երկխօսութիւնը կրնայ գետին մը ստեղծել՝ նիւթական յատկացումներու համար։

Միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ սանուց միութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր է նոյն գաղափարին շուրջ համախմբումը ու միասնաբար մտածելը՝ առաջնորդուելով ընդհանուր հետաքրքրութեան առարկայ խնդիրներով։ Այդպիսի հարցերու ճշդուիլն ու անոնց լուծման համար կարծիքի փոխանակումներու միջավայրի մը ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ ընդհանուրին համար գործելու մտայնութեան ամրապնդումը կրնան սանուց միութիւններու դերակատարութիւնը բարձրացնել համայնքային կեանքէն ներս։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց, որ սանուց միութիւնները արդէն իսկ համացանցի վրայ ունին միասնական հարթակ մը, որու շնորհիւ կը հաղորդակցին։ Ան թելադրեց պահել այդ մէկը եւ կատարելագործել՝ զանազան հարցերու լուծման հեռանկարով։

Հանդիպման տեւողութեան որոշ չափով հասունցաւ այն գաղափարը, թէ սանուց միութիւններու վարչայիններու փոխանցած տեղեկութեանց լոյսին տակ աւելի յաճախակիօրէն խորհրդակցին իրենց առկայ հարցերուն շուրջ։ Այդ խորհրդակցութիւններու արդիւնքները խոշորացոյցի տակ պիտի առնուին Պատրիարքարանի երդիքին տակ կազմակերպուելիք՝ նման ձեւաչափով ապագայ երկրորդ հանդիպման մը ընթացքին։

Հուսկ, սանուց միութիւններու վարչայինները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար եւ Գումգաբուէն հրաժեշտ առին՝ ստանալով անոր օրհնութիւններն ու աղօթքը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021