ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔԷՐՄԷՍ

Ա­մա­նո­րի սե­մին Գա­տը­գիւ­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քէր­մէս մը։ Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը Գա­տը­գիւ­ղի հա­մա­նուն ե­կե­ղեց­ւոյ «Պա­լըք­ճեան» սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պեց այս ձեռ­նար­կը, ո­րու մաս­նա­կից թա­ղե­ցի­նե­րը բաժ­նե­ցին տօ­նա­կան շրջա­նի հրճուան­քը։ Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի Մե­լի­նէ Քը­լըչ­սո­րա­լի եւ իր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած տա­ղա­ւար­նե­րուն վրայ այ­ցե­լու­նե­րը գտան ա­մա­նո­րեան շրջա­նի բնո­րոշ ի­րե­ղէն­ներ եւ այլ ձե­ռա­գործ­ներ։

Քէր­մէ­սի հիւ­րե­րու շար­քին էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, ո­րոնք գնա­հա­տե­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն աշ­խա­տան­քը եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղե­ցին Ա­մա­նո­րի առ­թիւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016