ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔՆԵՐԸ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ձմրան դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցան Ա­մա­նո­րի խրախ­ճանք­ներ։ Այս­պէս, թէ՛ ա­կում­բի հա­ւա­քա­տե­ղիին եւ թէ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան խրախ­ճանք­նե­րը։ Շիշ­լիի ըն­տա­նի­քը իս­կա­պէս բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով կ՚ող­ջու­նէ Նոր տա­րին։ Խրախ­ճանք­նե­րու ըն­թաց­քին Կա­ղանդ պա­պուկն ալ նուէր­ներ բաժ­նեց փոք­րիկ շիշ­լի­ցի­նե­րուն՝ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով բո­լո­րին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016