ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Կա­թո­ղի­կէ աշ­խար­հի Ս. Ծննդեան տօ­նին առ­թիւ այ­ցե­լեց Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նը։ Յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ան այս առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նին։ Ներ­կայ էին նաեւ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ իր ըն­կեր­նե­րը եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէից հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն վար­չա­յին­ներ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին հետ էր նաեւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նոյն առ­թիւ ե­րէկ այ­ցե­լեց Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նը եւ Յոյն Ե­կե­ղեց­ւոյ Սուրբ Ծննդեան տօ­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քին։

Վեր­ջին օ­րե­րուն Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ տուաւ նաեւ Ա­սո­րի­նե­րու Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Եու­սուֆ Չե­թին Մետ­րա­պո­լի­տին եւ Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ­նե­րու Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Մոնս. Եու­սուֆ Սա­ղին։

Նոյն շար­ժա­ռի­թով այ­ցե­լու­թիւն­ներ տրուե­ցան նաեւ քա­ղա­քիս քրիս­տո­նեայ այլ յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րու հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016