ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ԵՒ ՄՈՐԻՍ ԼԵՒԻ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՖԷՆԷՐԻ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան նախընթաց օր Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեց Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը։ Իր հետ էր նաեւ նոր՝ ընտրեալ-ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը։ Թորոս Ալճան եւ Մորիս Լեւի Ֆէնէրի մէջ հիւրընկալուեցան Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի կողմէ, որուն յղեցին շնորհաւորութիւններ։

Թորոս Ալճան եւ Մորիս Լեւի օրուան տեւողութեան այցելեցին նաեւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանը եւ այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոնները՝ նոյնպէս շնորհաւորելով Ս. Ծնունդը։   

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017