ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՄԻՐԱ ՊԱՐՍԱՄՕՂԼՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ «ՔՈՒՐԷ ՄԱՄԱ»Ն
Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի աշակերտներէն Միրա Պարսամօղլու վերջերս արձանագրած է շատ յատկանշական յաջողութիւն մը, որ իսկապէս արժանի է բարձր գնահատանքի։ Այսպէս, ան մասնակցած է «Մալթեփէ» համալսարանին կողմէ կազմակերպուած գրական փառատօնի մը, որու ընթացքին բացառիկ յաջողութեամբ ներկայացուցած է գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի կարեւոր կերպարներէն «Քուրէ մամա»ն։ Այս վերջինը Մկրտիչ Մարկոսեանի ստեղծագործական բարձր կարողութիւններով կերտուած անկրկնելի կերպար մըն է, որ վարպետի ուրոյն գրականութեան առանցքային երեսակներէն մին կը բնորոշէ։
«Մալթեփէ» համալսարանին կողմէ կազմակերպուած այս փառատօնը 7-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Ան այլեւս դարձած է աւանդական եւ ամէն տարի կը զուգադիպի Համաշխարհային վէպի հերոսներու օրուան։ Այս տարուան ձեռնարկն ալ հիւրընկալ համալսարանէն ներս համախմբեց գրական աշխարհէն յայտնի դէմքեր, որոնք արժեւորեցին մասնակիցներուն ներդրումը։ Յատուկ նիստերու եւ բանախօսութիւններու ձեւաչափին մէջ ընթացաւ եռօրեայ փառատօնը, որուն մասնակցեցան Թուրքիոյ զանազան լիկէոններէն երիտասարդներ։
Այս ամբողջին մէջ Միրա Պարսամօղլու ունեցաւ երկարաշունչ ելոյթ մը։ Ան թրքերէնով նախ ներկաներու նկատառման յանձնեց Մկրտիչ Մարկոսեանը եւ իր «Մեր այդ կողմերը» դասականացած գործը։ Նոյն ծիրէն ներս Միրա Պարսամօղլու կանգ առաւ «Քուրէ մամա» կերպարին վրայ, որ Մկրտիչ Մարկոսեանի Տիարպաքըրի վերաբերեալ վկայութիւններու յենասիւներէն մին է։ Միրա Պարսամօղլուի ներկայացուցած բացատրութիւններն ու ելոյթը հասան գագաթնային յաջողութեան՝ մանաւանդ, որ ան ամէն նրբութիւն հաշուի առած էր եւ փառատօնի մասնակցած՝ համապատասխան տարազով։ Արդիւնքին՝ Միրա Պարսամօղլու արժանացաւ յատուկ մրցանակի։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Միրա Պարսամօղլուն եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։