«ԲԱՐԵՒ» ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՅԵՐԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը ներկայիս հետամուտ է թատերական ծրագրի մը։ Միութենէն ներս ստեղծուած է նոր թատերախումբ մը, որ կը կոչուի «Բարեւ»։ Այս վերջինը կը խարսխուի յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Սօսի Ճնտոյեանի փորձառութեան ու եռանդին վրայ։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սօսի Ճնտոյեանն ու Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Քարաքուշը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Սօսի Ճնտոյեան յայտնեց, թէ իր փափաքն է նորաստեղծ թատերախումբին նախ ըլլալ ուղեցոյց, իսկ աւելի վերջ ապահովել անոր ուրոյն երթը։ «Բարեւ»ը յառաջիկայ գարնան պիտի ներկայացնէ հայերէն խաղ մը։ Գրեմ-Սիմոնի հեղինակած «Հարս ու կեսուր» գործի հիման վրայ թատրերգութիւնը պատրաստած է Սօսի Ճնտոյեան՝ «Հարս ու կեսուրը Գնալը կղզիի մէջ» խորագրով։ Աշխատանքները արդէն սկսած են՝ նախատեսուած ներկայացումներու շարքին ընդառաջ։
Անդրանիկ Քարաքուշն ալ ուրախութիւն յայտնեց, որ միութեան թատերական աշխատանքներուն համար հնարաւորութիւն կ՚ունենան Սօսի Ճնտոյեանի փորձառութենէն օգտուելու։ Ան ըսաւ, թէ միութիւնը կը կարեւորէ հայերէնով թատերական ծրագրեր կեանքի կոչելը։