ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ համախմբուեցան Գումգաբուի մէջ, ուր Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ ի նպաստ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։ Հանդիսադիր սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սարվէն Սրկ. Պըչաքճը եւ այլ դպիրներ։ Նորին սրբազնութիւնը արարողութեան ընթացքին դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Արման Չաթալի, Արեգ Քըրի, Կարէն Չաթալի, Արէտ Տիքմէի, Արսէն Քապէի, Կարէն Քափի եւ Պարէտ Պորուեանի։

 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսարանէն Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, բարերարներ, համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լուսինէ Յարութիւնեանի։ Դպրոցի աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող կատարումներով։ Հրապարակուեցաւ նաեւ երեսփոխան Մարգար Էսաեանի կողմէ ուղարկուած պատգամը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներէն Դալար Հորոզօղլու եւ Արթօ Հորոզօղլու, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ Ռաքել Տինք։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նշեց, թէ այս դպրոցը պաշտօնապէս թէեւ համայնքային վարժարան մը չէ, սակայն արդէն իւրացուած է որպէս մեր համայնքի դպրոցներէն մին։ Ուստի, նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ այս դպրոցի պիւտճէն ալ պէտք է հաւասարակշռուի եւ բոլորը պէտք է սատար հանդիսանան իրենց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ։

Սիրոյ սեղանի աւարտին յայտնի դարձաւ, որ կատարուած հանգանակութեան արդիւնքը բաւարար չէ եղած հաւասարակշռելու համար դպրոցի տարեկան պիւտճէն։

Երկուշաբթի, Յունուար 28, 2019