ԻԼՏԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԹՈՂԱՐԿԱԾ ԻՐ ՆՈՐ՝ «ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ» ՁԱՅՆԱՍԿԱՒԱՌԱԿԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու համակրելի երաժիշտ Իլտա Սիմոնեանը, որուն կ՚ընկերանար մեր համայնքէն Նազար Պինաթլը։

Իլտա Սիմոնեան նախկին պոլսահայ մըն է, ուսանած է մեր համայնքային վարժարաններուն մէջ, անդամակցած՝ Սայաթ Նովա երգչախումբին։ Առաջին առթիւ ուսանած է տնտեսագիտութիւն, ապա աւարտած՝ պետական երաժշտանոցը։ Աւելի քան 20 տարի առաջ, բաւական երիտասարդ տարիքով ան հաստատուած է Հոլանտա, ուր աւարտած է Շումանի ակադեմիան։ Ամսթերտամի մէջ կը բնակի Իլտա Սիմոնեան, որ ունի շանի աշխատանոց մը, կը կազմակերպէ ձայնի մարզման դասընթացքներ, նաեւ հանդէս կու գայ համերգներով ու երաժշտահանդէսներով։ Իր գործունէութեան առանցքը հայկական երաժշտութիւնը կը կազմէ։ Ան մէկ կողմէ հայկական երաժշտութիւնը միջազգային շրջանակներու մէջ ծանօթացնելու հետամուտ է, իսկ միւս կողմէ զգայնութիւն կը դրսեւորէ հայկական երգերու առկայ այլանդակման դէմ։ Իր գործած միջավայրին մէջ Իլտա Սիմոնեան յամառ աշխատանքով ապահոված է, որ արեւմտեան դասական երաժշտութեան ամբողջին մէջ, սենեկային երաժշտութեան կտրուածքով դասուի հայկական երաժշտութիւնը ու չտեղաւորուի միայն աւանդական երաժշտութեան նեղ շրջանակին մէջ։

Երէկուան այցելութեան ընթացքին ան մեզի նուիրեց իր երկրորդ ձայնասկաւառակը, որ կը կոչուի «Ժառանգութիւն»։ Սա բոլորովին վերջերս թողարկուած է՝ իր սեփական նախաձեռնութեամբ։ Ամբողջութեամբ Կոմիտասի գործերով հիւսուած է ձայնասկաւառակը։ Իլտա Սիմոնեանի խօսքով՝ այնտեղ կայ Կոմիտասի ճանապարհով ընթացք մը։ Երեւանի մէջ կատարուած են ձայնագրումները՝ Հայաստանի Հանրային ռատիոյի սթիւտիոներէն ներս։ Մասնագիտական մարդուժի իմաստով ալ ապահովուած է կարեւոր աջակցութիւն։ Իլտա Սիմոնեան յայտնեց, որ այս անգամ Իսթանպուլ եկած է իր նոր ձայնասկաւառակը ներկայացնելու համար։ Այժմ մշակուած է նաեւ որոշ ծրագիր մը, որպէսզի կազմակերպուի շնորհանդէս մը։ Բայց եւ այնպէս, սա միայն երաժշտահանդէս մը պիտի չըլլայ, այլ նաեւ աւելի տարբեր ծալքեր պիտի ունենայ՝ Կոմիտասի վերաբերեալ երաժշտագիտական զեկուցումներով հանդերձ։

Իլտա Սիմոնեանի այս նոր ձայնասկաւառակը կը պարփակէ նաեւ իսկապէս որակեալ ու շատ ճաշակաւոր գրքոյկ մը, որու բովանդակութիւնը երգերը կը ցոլացնէ՝ իսկապէս տպաւորիչ գեղանկարներու զուգորդութեամբ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Իլտա Սիմոնեանին եւ զինքը կը շնորհաւորենք այս նոր՝ արդէն երկրորդ ձայնասկաւառակի թողարկման առթիւ։

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023