«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԵՐԿՈՒ ԵԼՈՅԹՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՊՐԻԼԻՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ ելոյթներով։ Երէկ, Էսաեան սանուց միութեան եւ «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Քուրթուլուշի մարզակումբի սրահին մէջ։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին համոյթի փորձերը տեղի կ՚ունենան այստեղ։

«Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ սանուց միութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեան մամլոյ ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուին մօտաւոր ապագայի ձեռնարկներուն շուրջ։ Այսպէս, յառաջիկայ ապրիլին (10-ին եւ 28-ին) «Մարալ» երկու ներկայացումով հանդէս պիտի գայ «Ֆուլիա» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, որ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ։ Այս անգամուան նորութիւններէն մին պիտի ըլլայ այն, որ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ եւս յայտագրին մասնակցութիւն պիտի բերէ իր կատարումներով։ Մինչեւ ապրիլի այս ելոյթները «Մարալ»ի փորձերն ու պատրաստութիւնները պիտի ընթանան թափով, մինչ արդէն կարգադիր յանձնախումբ մըն ալ ստեղծուած է։ Բացի «Մարալ»էն, Էսաեան սանուց միութեան գործունէութիւններն ալ յառաջիկայ շրջանին պիտի աշխուժանան՝ մանաւանդ, որ ան թեւակոխած է հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Յաջորդ մարտին միութիւնը կը նախատեսէ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպել ձեռնարկ մը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ նախատեսուած է այս ձեռնարկը, որով պիտի ազդարարուի յոբելենական շրջանի սկիզբը։ Մինչ այդ, «Մարալ»ի ելոյթներն ալ ձօնուած պիտի ըլլան Էսաեան սանուց միութեան 75-ամեակին։ Մարտի 12-ին Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ պիտի բանախօսէ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Բանախօսութեան պիտի յաջորդէ երաժշտահանդէս մը, որու յայտագրին պիտի մասնակցին դաշնակահարուհի Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու, դաշնակահար Լեւոն Էրոյեան եւ մեներգիչ Սէրճան Կազէրօղլու։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022