ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՃԵՄ ՉԱՓԱՐԷՆ ՏԵՂԵԿԱՑԱՒ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԱՌԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարը։

Երկրաշարժի աղէտէն ետք, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Ճեմ Չափարէն վերահասու դարձաւ Վաքըֆլըգիւղի վիճակին շուրջ։ Այսպէս, Չափար յայտնեց, որ Իսթանպուլ բերած է իր ընտանիքը եւ շուտով պիտի վերադառնայ Հաթայ։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւնը, որու ընթացքին Չափար մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ այժմու ընդհանուր վիճակին մասին։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան եւ անոր անձին մէջ ամբողջ համայնքին։ Չափար ըսաւ, որ աղէտէն անմիջապէս ետք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կապ հաստատած եւ իր հայրական մխիթարական խօսքերով զօրակցած էր գիւղի եւ ամբողջ աղէտահար մեր ժողովուրդին։ Աղէտին յաջորդող առաջին ժամերուն իսկ գիւղ հասած էր օժանդակութեան բեռնատարը։ Բաց աստի, Չափար յայտնեց, նաեւ որ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ պաշտօնապէս խոստացած է օժանդակել աղէտի պատճառած վնասներու բարձման համար։ Այս առթիւ ՀԱՅՃԱՐ-ի անդամներ այս շաբաթ պիտի մեկնին Հաթայ եւ տեղեկագիր մը պիտի պատրաստեն աղէտի հետեւանքով Հաթայի մեր աղօթատեղիներու, ինչպէս նաեւ գիւղի վնասուած բնակարաններուն մասին։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար։ Ան շեշտեց, թէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանէն նախապէս տեղեկութիւններ ստացած էր յետ երկրաշարժի ստեղծուած պայմաններու կապակցութեամբ եւ իր օրհնութիւններն ու զօրակցութիւնը յայտնած էր անոր։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ճեմ Չափարին պարտականութիւն յանձնեց մեր ժողովուրդին փոխանցելու իր հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աղէտի յաջորդող օրերուն փափաքած էր այցելել աղէտի գօտի, սակայն տեղացի ժողովուրդը խնդրած էր յետաձգել այդ այցը։ Հարկ է նշել, որ Նորին Ամենապատուութիւնը Հաթայ պիտի այցելէ, երբ պայմանները յարմար ըլլան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023