ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
Թրքահայութիւնը երէկ աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Մեր համայնքի բոլոր անդամները զիրար ողջունեցին տօնական մեծ աւետիսով, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ եղբայրական սիրոյ վերանորոգման։ Մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան մեծահանդէս տօնակատարութիւններ, որոնց լայն մասնակցութիւն բերաւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կազմակերպուած աւանդական ընդունելութիւնը։ Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց համայնքային շրջանակներուն շնորհաւորութիւնները։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։
Գումգաբուի հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Ազգային մեծ ժողովի հայազգի երեք երեսփոխանները՝ Մարգար Էսաեան, Սելինա Տողան եւ Կարօ Փայլան։ Թէեւ հաւաքոյթը միայն համայնքային շրջանակներուն համար նախատեսուած էր, սակայն ներկայ գտնուիլ փափաքած էր նաեւ երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու։ Հաւաքոյթի սկիզբին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմօրէն ողջունեց համայնքային վարիչներուն Ս. Զատիկը՝ յղելով իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։ Աւելի վերջ անդրադարձ կատարուեցաւ բազմաբնոյթ հարցերու, որոնք համայնքի օրակարգին վրայ կը ներկայացնեն առաջնահերթութիւն։ Արծարծուած նիւթերուն վերաբերեալ մանրամասնութիւնները կարելի է տեսնել մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։
Երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային ներկայացուցիչները առիթն ունեցան մանրամասն բացատրութիւններ լսելու գաղթականաց հարցին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Աթոռը վերջին շրջանին ծաւալուն աշխատանք կը տանի Սուրիայէն եւ Իրաքէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ ընտանիքներու կարիքները դիմագրաւելու համար։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ վերջերս ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած էր Պատրիարքարանին մէջ եւ այդ հիման վրայ ալ գործի լծուած՝ գաղթականաց յանձնախումբ մը։ Աշխարհական գործիչներու առընթեր այդ յանձնախումբին մէջ ներգրաւուած է Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին Գաղթականաց յանձնախումբի գործունէութեան վերաբերեալ ծաւալուն տեղեկագիր մը փոխանցեց Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Իր խօսքի սկիզբին ան խորին երախտագիտութեամբ ընդգծեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը անփոխարինելի զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ իրենց նկատմամբ։
Ըստ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի բացատրութիւններուն, Գաղթականաց յանձնախումբը նախ պատրաստած է ժողովրդագրական տեղեկագիր մը եւ զուգահեռաբար յստակացուցած՝ գաղթականաց կարիքները։ Իրաքէն եւ Սուրիայէն եկած գաղթականները միջազգային կանոններուն տեսանկիւնէն ունին տարբեր կարգավիճակներ։ Սուրիացիները կը համարուին ապաստանեալ, որովհետեւ կեանքի անխուսափելի սպառնալիքէ փրկուելու համար եկած են Թուրքիա։ Իսկ իրաքցիները ՄԱԿ-ի օրէնքներով պայմանական գաղթական կը համարուին։ Թէեւ անոնք ալ վտանգաւոր գօտիի մը բնակիչները կը դասուին, սակայն ոչ միւսներուն նկատմամբ հրատապ։ Սուրիացիները հնարաւորութիւն ունին երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ գտնուելու, նոյնիսկ գործ ճարելու։ Իրաքէն եկած գաղթականները պարտաւոր են սպասելու իրենց ցոյց տրուած շրջաններուն մէջ՝ որպէսզի երբ որ ՄԱԿ-ի կողմէ իրենց համար նախատեսուած կարգադրութիւնը կատարուի՝ տեղափոխուին իրենց նոր բնակավայրերը։ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան մատնանշեց, թէ գաղթականներու միայն փաստաթուղթերու թարգմանութեան ծախսերը ահաւոր գումար մըն է, իսկ իրենք գտած են այդ խնդիրը անվճար լուծելու ճանապարհը՝ շնորհիւ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանի ջանքերուն։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը գաղթականներուն համար կը տրամադրէ զանազան հանրախանութներէ գնումներ ընելու յարմարութեամբ քարտեր։ Մեր համայնքի կարիքաւորներուն համար նախատեսուած այդ քարտերը հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ կը տրամադրուին նաեւ գաղթականներուն՝ որպէսզի կարենան անոնք հոգալ իրենց կարիքները, բացառութեամբ ոգելից ըմպելիներու եւ ծխախոտի։
Տէր Հայրը մատնանշեց, թէ գաղթականներու առողջապահութեան ծառայութիւններուն եւ անոնց կողմէ մշտապէս օգտագործուած դեղերու պարագային եւս ցոյց կը տրուին աջակցութիւններ։ Մանուկներու կրթութեան հարցերով ալ կը զբաղի յանձնախումբը։ Սուրիացիներու պարագային կացութիւնը աւելի դիւրին է, իսկ իրաքցիներու կարգավիճակը հնարաւորութիւն չ՚ընձեռեր, որ տղաքը գան՝ ուսանին Իսթանպուլի համայնքային մեր վարժարաններուն մէջ։ Հոգեւոր եւ կրօնական կարիքներու պարագային ալ Պատրիարքական Աթոռը կ՚ընէ առաւելագոյնը։
Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան ընդգծեց, թէ մեծագոյն հարցն է գաղթականաց կեցութեան կազմակերպումը։ Անոնք թէեւ Թուրքիա գալու ժամանակ իրենց մօտ ունեցած են որոշ չափով գումար, սակայն այդ բոլորը ներկայիս սպառած են։ Գաղթականները նոյնիսկ ի վիճակ չեն հոգալու իրենց տան վարձքը։ Տէր Հայրը նշեց, թէ Իսթանպուլի մէջ անհատներ կամ հաստատութիւններ հնարաւորութեան սահմաններու մէջ պէտք է կալուածներ յատկացնեն՝ գաղթականաց տեսակէտէ անհրաժեշտ երդիք մը ապահովելու նպատակով։ Այդ գաղթականներուն ոեւէ մէկը մնայուն պիտի չըլլայ մեր միջավայրին մէջ, հետեւաբար համայնքին կը վիճակի դիւրացնել մեր այդ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կեանքը՝ այստեղի ժամանակաւոր գործընթացին մէջ։
Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն Պատրիարքարանի մէջ դարձեալ ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն մը տեղի պիտի ունենայ եւ յանձնախումբը այդ հիման վրայ պիտի շարունակէ իր ջանքերը։
Տէր Հօր զեկուցումէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ընդգծեց, որ յանձնախումբը յառաջիկայ շրջանին շփման մէջ պիտի անցնի համայնքային բոլոր հաստատութիւններուն հետ՝ անոնց կարելիութիւններուն համաչափ զօրակցութիւն մը ապահովելու համար։ Իր կարգին, Լեւոն Շատեանն ալ ընդգծեց, որ շատ կարեւոր է Իսթանպուլի մէջ բնակարաններու տրամադրումը գաղթականներուն համար։
Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ այս փուլին Ընդհանուր Փոխանորդը զատկական աւանդական հաւկիթներ նուիրեց համայնքային ներկայացուցիչներուն՝ խաղաղութեան եւ ընտանեկան յարկերու երջանկութեան մաղթանքներով։