Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան այ­սօր կը մեկ­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր պի­տի մնայ շուրջ շա­բաթ մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան յանձ­նա­խում­բի նիս­տին ըն­թաց­քին։

Ծա­նօթ է, որ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի վեր­ջին նստաշր­ջա­նի ա­ւար­տին պաշ­տօ­նա­պէս հա­ղոր­դուած էր, թէ կը նա­խա­տե­սուի 2017 թուա­կա­նին գու­մա­րել Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վը։ Ներ­կա­յիս ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գի ձե­ւա­ւոր­ման հա­մար կ՚ըն­թա­նան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մաս­նակ­ցե­լիք նիս­տին ըն­թաց­քին ալ աշ­խա­տանք­ներ պի­տի կա­տա­րուին նոյն ա­ռանց­քին շուրջ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016