ԹԱՔՍԻՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Երէկ երեկոյեան գումարուեցաւ Թաքսիմ մարզակումբի հերթական ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւն։ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի «Չոպանօղլու» փողոցի համալիրէն ներս։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Զեքի Էօճալ։ Անցեալ շրջանի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագիրը ներկայացուցեաւ Մկրտիչ Կիւլէզեանի կողմէ։ Ժողովականները վաւերացուցին այդ տեղեկագիրը։ Աւելի վերջ ընտրուեցաւ 2017-2020 շրջանի վարչութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնուին տասներեք լիիրաւ եւ ինն պահեստի անդամներ։ Այդ անուններն են՝ Կարօ Համամճեան, Գրիգոր Տուվարճը, Հրաչ Քէչիեոլու, Տքթ. Մկրտիչ Կիւլէզեան, Արման Քենտիրլի, Հրաչ Իսկէնտէր Ճինկէօզ, Հայրապետ Թոփլայըճը, Ալփէր Թաշեան, Միհրան Գալուստեան, Արտէն Տիքմէ, Միրիճան Չեփնի, Ռոպէր Տատեան, Էվրէն Ասա, Արման Խուպեսէրեան, Սայաթ Սանթալու, Պօղոս Սէյրէք, Արի Օտապաշը, Վարուժան Էյլէնճէ, Նազար Կիւնալան, Արման Գաւաֆ, Տարօն Էօզունճեան, Արաս Սուրէր։
Թաքսիմի ընդհանուր ժողովին ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ ֆութպոլի վաքֆի նախագահ Էնկին Վերէլ։ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան իր ելոյթին մէջ ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեց Էնկին Վերէլի ներկայութիւնը։ Ան Վերէլին յանձնեց նաեւ մարզակումբի անդամակցութեան քարտ մը։ Մօտաւոր անցեալի հռչակաւոր ֆութպոլէօրներէն Էնկին Վերէլն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց թաքսիմցիներուն։
Նորընտիր վարչութեան ընտրութեան յաջորդած ելոյթին մէջ Կարօ Համամճեան անդրադարձաւ Թաքսիմ մարզակումբի նոր համալիրի կառուցման ծրագրին։ Ան յիշեցուց, որ մօտաւոր անցեալին պատկան իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած կարգադրութիւններուն շնորհիւ հնարաւոր եղած է հասնիլ գործնական հանգրուանի։ «Չոպանօղլու» փողոցի տարածքին վրայ պիտի կառուցուի 4650 քառակուսի մեթր տարածութեամբ մարզական համալիր մը։ Եռայարկ շէնքը Մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ պիտի կառուցուի։ Երկու տարուան ժամանակաշրջան մը նախատեսուած է շինարարական աշխատանքներուն համար։ Ընթացքին Թաքսիմ մարզակումբը պիտի գործէ Ֆէրիգիւղի «Պայսունկուր» փողոցի շէնքի յարկին մէջ։ Այս մանրամասնութիւնները փոխանցելէ վերջ Կարօ Համամճեան խոր երախտագիտութիւններ արտայայտեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին, Ազգային կրթութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազին, Մարմնամարզի նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճին, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլին, որոնք բարեհաճ կարգադրութիւններ ըրած էին նպաստելու համար ակումբին։ Կարօ Համամճեան միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դիւանակալներուն եւ պաշտօնատարներուն, որոնք դերակատարութիւն ունեցան այս համալիրին վերաբերեալ կարգադրութիւններուն մէջ։ Էնկին Վերէլի ներկայութեան եւ վերաբերմունքին մասին գոհունակութիւններն ալ կրկնելէ վերջ՝ Կարօ Համամճեան ընդգծեց, որ յառաջիկայ շրջանին նոր հորիզոններ պիտի ուրուագծուին Թաքսիմ մարզակումբի գործունէութեան առջեւ։