ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՆ Ս. ԶԱՏԿԻ ԸՆԴԱՌԱՋ
Երէկ, Սուրբ Զատկի տօնին ընդառաջ, Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցը։ Տօնական օրերուն բնորոշ մթնոլորտի մէջ տղաքը գիրկընդխառնուեցան ջերմօրէն։ Երկու վարժարաններու աշակերտներուն համախմբումը ունէր յատուկ ծրագիր մը։ Արդարեւ, անոնք միայն որպէս ընկերներ չշփուեցան, այլ ոգեկոչեցին ֆրանսահայ աշխարհահռչակ անմոռանալի երգիչ Շարլ Ազնաւուրը, որու ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանը կը նշուի այս տարի։ Մշակուած ծրագիրը ունէր գրական եւ երաժշտական բաժիններ, որոնք յաջողութեամբ գործադրուեցաւ երկու վարժարաններու սաներուն կողմէ։
Ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ «Հրանդ Տինք» դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, որ կարեւորեց նման հանդիպումները, որոնք առհասարակ կը նպաստեն հայկական վարժարաններու աշակերտներու միջեւ եղբայրական եւ ջերմ յարաբերութիւններու ձեւաւորման։
Երկու դպրոցներու աշակերտներուն ելոյթները զիրար ամբողջացուցին՝ Շարլ Ազնաւուրի թողած աւանդը բիւրեղացնելով։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Հրանդ Չիզմէճեանի ղեկավարութեամբ տղաքը երգեցին նաեւ Շարլ Ազնաւուրի գլուխ գործոցներէն «Քեզ համար Հայաստան» երգը։
Ի լրումն այս բոլորին, տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան նաեւ յայտագրի մարմնամարզական բաժնին մէջ։
Հուսկ, բոլորը բարեմաղթութիւններ փոխանակելով հրաժեշտ առին իրարմէ՝ խոստանալով վերստին հանդիպիլ։