ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Եւ ի վեր­ջոյ հա­սած է սպա­սուած օ­րը։ Այ­սօր ե­րե­կո­յեան, Իս­թան­պու­լի հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Հար­պի­յէ, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թին ելոյթը՝ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին հետ։ Իս­թան­պու­լա­հայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն կող­մէ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սպա­ս-ւած ձեռ­նար­կը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ՝ վառ հե­տաքրք­րու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ այս ծրա­գի­րը կեան­քի կը կո­չուի Ա­րէտ եւ Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։

Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թի եւ «Մա­րալ»ի հա­մա­տեղ այս ձեռ­նար­կը կը խոս­տա­նայ դառ­նալ ար­տա­սո­վոր ե­րե­կոյթ մը, որ եր­կար ժա­մա­նակ ան­մո­ռա­նա­լի պի­տի մնայ հան­դի­սա­տես­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016