ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ ֆութսալի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին։ Մրցաշարքին մանաւանդ աւարտական փուլը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Աւարտական խաղի իրաւարարն էր ակումբի մարզիկներէն Մինաս Ասա։
Ախոյեան դարձաւ «Փանչունի» խումբը, որուն յաջորդեցին «Սպիտակ թիթեռնիկներ»ը եւ «Քամփ Արմէն»ը։
Մրցաշարքի ընթացքին 23 կոլ արձանագրեց «Սպիտակ թիթեռնիկներ»էն Քամի Թոսուն, որ այդ մարզին մէջ եղաւ յառաջատար։
Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ ընկերները յանձնեցին պարգեւները եւ շնորհաւորեցին դափնեկիր խումբերը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024