ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄՐՑՈՅԹ

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի վե­ցե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ 100-ա­մեայ լի­սէ­նե­րու մի­ջեւ լու­սան­կար­չա­կան մրցոյ­թը, որ ձօ­նուած է աշ­խար­հահռ­չակ վար­պետ Ա­րա Կիւ­լէ­րի անուան։ 26 լի­սէ­նե­րէ 117 ա­շա­կերտ՝ 308 նկա­րով մաս­նակ­ցե­ցաւ այս մրցոյ­թին, ո­րու այս տա­րուան նիւթն էր Իս­թան­պուլ քա­ղա­քը։ Դա­տա­կազ­մին մէջ էին՝ Ա­րա Կիւ­լէր, Րե­ֆիք Ա­քեիւզ, Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լու, Եա­շար Սա­րա­չօղ­լու, Սեչ­քին Թեր­ճան, Սիլ­վա Պին­կազ եւ Մա­նուէլ Չը­թաք։

Նա­խըն­թաց օր Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րուե­ցան այս մրցոյ­թին մաս­նա­կից բո­լոր լու­սան­կար­նե­րը։ Մրցոյ­թին դափ­նե­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ՝ Սեն Պե­նուա ֆրան­սա­կան լի­սէէն Ա­տա Կիւ­նէյ Աք։ Երկ­րորդ եւ եր­րորդ հան­դի­սա­ցան՝ Տա­րօն Սէ­յիր եւ Լա­րի­սա Տա­յան, ո­րոնց եր­կուքն ալ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­ներն են։

Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Մա­յի­սի վեր­ջը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017