ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գալֆաեան Տան մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ մանկանց խրախճանք մը։ Սարըեէրի Rotaract ակումբին կողմէ գործադրուեցաւ այս ծրագիրը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ ստեղծուեցան մասնաւոր խաղավայրի մը պայմանները։

Աշակերտներուն առընթեր, ուսուցիչներն ու ծնողներն ալ մասնակից դարձան խրախճանքի ոգեւորութեան։ Ուսուցչուհի Թարա Տեմիրճիօղլուի հսկողութեամբ տղաքը ներկայացուցին թատերակ մը։ Կամաւորութեան կարգով աշակերտները հանդէս եկան ելոյթներով։ Անոնք զանազան երգերով, պարերով ու խաղերով մասնակցութիւն բերին զուարճալի մթնոլորտին։ Այս եզակի խրախճանքը անմոռանալի դարձաւ բոլորի յիշողութեան մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018