ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Գու­րու­չէշ­մէի «Սուա­տա»ին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ գալ­ֆաեան­ցի կա­նանց կէ­սօ­րուան ճա­շի հա­ւա­քոյ­թը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վար­ժա­րա­նի տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ծնո­ղաց միու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան հաս­տա­տու­թեան զա­նա­զան թա­ղե­րէ հա­մա­կիր­նե­րը։ Թա­գու­հի Կիւ­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին ներ­կա­նե­րը։

Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան, Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­մար Գա­րա­սու, տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէր, ինչ­պէս նաեւ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու եւ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու Սե­լի­նա Տո­ղան։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Թա­գու­հի Կիւլ ար­տա­սա­նեց ող­ջոյ­նի խօսք մը, մինչ ներ­կա­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան՝ ճա­շա­սե­ղան­նե­րուն շուրջ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զրու­ցե­լով ի­րա­րու հետ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015