ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ ՄԸ ՍԱՐՔԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ երեկոյեան ասուլիսով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը՝ որպէս ներկայ եղանակի եզրափակիչ ձեռնարկ։
Ներկայ գտնուեցան Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Ենիգիւղի Յունաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լաքի Վինկաս, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեան եւ իր ընկերները, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ հետաքրքիրներ։
Երեկոյթի բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց նախաձեռնարկ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Շուշան Սվասլըօղլու, որմէ վերջ Զէքիեան Գերապայծառ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ ձօնուած էր հետեւեալ նիւթին. «Հայերը 1915-էն վերջ. նոր ձեւա-ւորուող սփիւռքները, Իսթանպուլ եւ Հայաստան»։
Զէքիեան թէ՛ իր արտայայտութիւններուն եւ թէ իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ հետաքրքրական խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ Մեծ եղեռնի մասին։ Ան ըսաւ, թէ 1915 թուականը շատ տխուր ու նոյնքան կարեւոր տարի մը կը բնորոշէ հայոց պատմութեան մէջ։ Այս անկիւնադարձը ան մեկնաբանեց՝ շեշտելով, որ եղեռն բարի այլ լեզուներու թարգմանութիւնը ինչպէս անզօր կը մնայ ցոլացնելու անոր իմաստը, խորքայնութիւնը։ Անոր ամենաողբերգական երեսակներէն մին է հայրենազրկումը, հողէ կտրուիլը։
Զէքիեան Գերապայծառ առանձնապէս կարեւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ նահատակներու սրբադասման հանգամանքը։ Արդարեւ, այստեղ ծագած է ապագայի համար յոյս մը։ Հայութիւնը ողբերգութեան մը մէջ անճար, անյոյս եւ ինքնապարփակուած վիճակէ մը դուրս բերելու նախադրեալ մը կը համարուի սրբադասումը։ Զէքիեանի խօսքով, եթէ անցեալը չի բացուիր դէպի ապագայ, ապա իր մէջ կ՚երթայ դէպի ինքնասպառում։
Պատասխանելով Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի հարցման՝ Զէքիեան խօսեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան գործած ազդեցութեան մասին՝ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան նահանջին վրայ։ Ան ըսաւ, թէ այդ ժամանակ նահատակուած էին լաւագոյն եկեղեցականները։ «Նահատակները քրիստոնէութեան սէրը կը խորհրդանշեն։ Մենք այսօր անոնց արժանի զաւակնե՞րն ենք, թէ ոչ։ Այս է հարցը», ըսաւ Գերապայծառը եւ նահատակներու սրբադասումը բարձր գնահատելով շեշտեց, որ մարտիրոսութիւնը կը համարուի մկրտութիւն։ Ան իր մօտեցումները բանաձեւեց այն դիտարկումներով, թէ վերջին տարիներուն Ցեղասպանութեան խնդրին շօշափումը, ոգեկոչումը հասած էր դիակապաշտութեան եզրին, ինչ որ յղի էր երիտասարդները ձանձրացնելու վտանգին։ «Այս հոգեբանութենէն պէտք է ազատուինք։ Սրբադասումը նոր սկիզբ մը կրնայ ըլլալ, մեզ կրնայ մղել մտածելու։ Նահատակները նոր ծնունդի մը հունտերը կը նկատուին», ըսաւ ան։ Միեւնոյն ժամանակ, Զէքիեան կանգ առաւ այն հանգամանքին վրայ, թէ պէտք է մահացածներու կենդանութեան վերաբերեալ համոզումը գոյանայ, ամրապնդուի։ Կեանքի նկատմամբ հաւատը պէտք է ամրանայ։ «Ինքզինքնիս գութի առարկայ մը չդարձնենք։ Հանդուրժողութիւնով պէտք է երկխօսութիւն հաստատենք», ըսաւ Զէքիեան եւ աւելցուց, թէ հայերը վերջին 1500 տարուան իրենց փառաւոր անցեալով ունին վիթխարի աւանդութիւն մը, որ լոյս կրնայ սփռել նաեւ անոնց ապագային վրայ։
Զէքիեան Գերապայծառ երէկուան ձեռնարկին ընթացքին մատնանշեց, թէ իրեն համար խնդրոյ առարկայ էին կարգ մը զգացական հանգամանքներ։ Արդարեւ, ան շրջանաւարտ սաներէն է Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին, ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը, երբ ան տակաւին կը գտնուէր Սագըզաղաճի մէջ։ Բաց աստի, իր լուսահոգի տիրամայրը մկրտուած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ըստ Զէքիեանի, այս երկու հանգամանքները, յաչս իրեն, երէկուան երեկոյթին արտասովոր իմաստ կը վերագրէին։ Ձեռնարկի աւարտին, այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ կազմակերպիչները Գերապայծառին յանձնեցին յուշանուէր մը, իսկ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին անմիջական զրոյցը շարունակուեցաւ ներկաներուն միջեւ։