«ԳԱՐՈՒՆ»Ի ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարուն» մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը։ Փոքրիկները յայտագիր մը պատրաստած էին՝ վերահսկողութեամբ մանկապարտիզպանուհիներ՝ Մարգրիտ Աւագեանի, Նոնա Յարութիւնեանի եւ Ժաննա Մելքոնեանի։ Փոխ-տնօրէնուհի Լիլիթ Պօղոսեան հանդիսութեան ընթացքին արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Մանկական երգերով ու պարերով պայմանաւորուեցաւ սրահին մթնոլորտը։ Ծնողներն ալ մեծ յուզումով հետեւեցան փոքրիկներու ելոյթներուն։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան փոքրիկներուն յանձնեց իրենց առաջին վիճակացոյցները։ Դպրոցի հոգաբարձու Հորոզօղլու ամոլն ալ անոնց յանձնեց նուէրներ։

Մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսին ներկայ գտնուեցան Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան եւ այս կրթօճախի այլ զօրակիցները։

Երկուշաբթի, Մայիս 28, 2018