ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Տարեկան անուան տօնախմբութիւնը Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։

Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Յովսէփ Գույումճեանի ղեկավարութեամբ եւ Կարպիս Գըլըճեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։

Հանդիսադիր սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլլիւք այս առթիւ տեղեկացուց, որ եկեղեցւոյ մերձակայ 354 քառակուսի մեթր տարածութեամբ համայնքապատկան տարածքի պարագային եղած են կարգադրութիւններ։ Այսպէս, 75 քառակուսի մեթր բաժնին համար տրուած է շինարարութեան իրաւունք։ Մնացեալ հատուածը սահմանուած է՝ որպէս կանաչ տարածք։ Այդ 75 քառակուսի մեթր տարածքին վրայ պիտի կառուցուի 4 յարկաբաժին, որմէ երկուքը պիտի պատկանի եկեղեցւոյ։ Թաղային խորհուրդը կը պատրաստուի դատական իշխանութիւններուն դիմել՝ կանաչ տարածք համարուած հատուածին համար։ Այժմու կանխատեսումներով, Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցին կրնայ հատուցում մը ապահովել դատավարութեան արդիւնքին։

Երէկուան արարողութեան մասնակիցները յաջողութիւն մաղթեցին ատենապետ Միսաք Կիւլլիւքին եւ իր ընկերներուն՝ արտայայտելով իրենց զօրակցութիւնը։

Երկուշաբթի, Մայիս 28, 2018