ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից օր, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ չորրորդ անգամ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ յանուն սանուց միութեան վարչութեան՝ Մելիսա Թաշճեան։ Իր ելոյթին մէջ Անիթա Թումայեան անդրադարձաւ համայնքային կրթական կեանքէն ներս առկայ խնդիրներուն։ Իր խօսքով՝ այժմ օրակարգի վրայ է մեր վարժարանները փակելու կամ միացնելու խնդիրը։ Ուստի, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը աւելի քան երբեք կարիքը կը զգայ իր շրջանաւարտներուն։ «Թէեւ այսօր մեր անունը օրակարգի վրայ չէ, սակայն մեր վարժարանը ժամանակին փակուելու շեմէն փրկուած է։ Մեր հովանաւորներուն եւ շրջանաւարտներուն շնորհիւ բաց մնացած է վարժարանը ու մենք կը փափաքինք, որ այսպէս ալ շարունակուի։ Դպրոցները կը գոյատեւեն իրենց սաներով, ուսուցիչներով եւ շրջանաւարտներով», ըսաւ տնօրէնուհին եւ բոլոր շրջանաւարտներուն կոչ ուղղեց՝ որպէսզի տէր կանգնին իրենց դպրոցին։

Շրջանաւարտներու օրուան դպրոցի աշակերտներն ալ մասնակցութիւն բերին զանազան ելոյթներով։

Բացի երբեմնի ընթացաւարտներէն, հաւաքոյթին մասնակցեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը եւ իր ընկերները, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Նատին Վանլըօղլու եւ իր ընկերները, դպրոցի նախկին տնօրէնուհիներ, ուսուցչուհիներ եւ հիւրեր։

Միւս կողմէ, շրջանաւարտից օրուան սեմին Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։

Երկուշաբթի, Մայիս 28, 2018