ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Էսաեան ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքին առթիւ։ Աւանդական բաժակի օրը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի սերունդները բարձր տրամադրութեամբ համախմբուին այս պատմական վարժարանի համալիրէն ներս։ Բոլոր էսաեանցիները միասնաբար ու խանդավառութեամբ երգեցին դպրոցին քայլերգը՝ «Ողջոյն տաճար իմաստութեան»ը, ինչ որ առիթն էր դպրոցին նկատմամբ իրենց սէրն ու հաւատարմութիւնը նորոգելու։

Բաժակի օրուան յայտագիրը սկսաւ դպրոցի սրահին մէջ եւ աւելի վերջ շարունակուեցաւ պարտէզին մէջ սարքուած բացօթեայ սեղաններուն շուրջ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս յոբելեար շրջանաւարտները ստացան յուշանուէրներ եւ շրջապատուեցան ջերմօրէն։ 1957-58 շրջանի լիսէի շրջանաւարտները նշեցին իրենց 60-ամեակը։ 1967-68 շրջանի լիսէի շրջանաւարտները նշեցին իրենց 50-ամեակը։ 1977-78 շրջանի լիսէի շրջանաւարտները նշեցին իրենց 40-ամեակը։ 1992-93 շրջանի լիսէի շրջանաւարտները նշեցին իրենց 25-ամեակը։ 1967-68 շրջանի նախակրթարանի շրջանաւարտներն ալ նշեցին իրենց 50-ամեակը։

60-ամեայ շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցաւ Իւղաբեր Պոյաճըօղլու։ 50-ամեայ շրջանաւարտներուն անունով խօսեցաւ Մարի Նալճը։ 40-ամեայ յոբելաններուն անունով ելոյթ մը ունեցաւ Արփի Կանզէ։ 25-ամեակի շրջանաւարտներուն անունով հանդէս եկաւ Գարօլին Սարը։ Նախակրթարանի 50-ամեայ շրջանաւարտներուն անունով ալ Ժագլին Արապեանի կողմէ պատրաստուած խօսքը ընթերցեց Սարգիս Սարկըն։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանի հանդիսավարութեամբ։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան ատենադպիր Արամ Գամպուրեան եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Հանդիսութեան ընթացքին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ալ ունեցաւ ելոյթ մը՝ անդրադառնալով նաեւ մեր կրթական կեանքէն ներս առկայ բանավէճերուն։ Իր խօսքերով՝ Էսաեան վարժարանի պատմութիւնը պէտք է ընկալել խորաթափանց, սակայն անցեալի հետ հպարտանալը օգուտ մը չի բերեր, այդ անցեալը պէտք է տեղափոխել ապագայ։ Էսաեան վարժարանի անունէն աւելի ոգին պէտք է ապրեցնել եւ պէտք է պատրաստել ապագայի մարդուժը։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան յայտնեց, որ ներկայիս համակարգիչներու գլուխը կը փակուին կամ կը միացուին վարժարաններ։ Բայց եւ այնպէս, անոնք, որոնք կ՚ընեն այս բանը՝ նոյնիսկ անգամ մը դասարան մտած չեն ու տեղեակ չեն, թէ ի՛նչ իրավիճակ կը տիրէ դաշտի վրայ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան մատնանշեց նաեւ, որ նիւթական միջոցները ձեւով մը կրնան ճարուիլ, սակայն մեր վարժարաններու առկայ հարցերը չեն վերաբերիր մեր տղոց, մեր աշակերտներուն, այլ՝ կը վերաբերին անոնց ծնողներուն։ Արդարեւ, ծնողները կը ձգտին իրենց զաւակները ուղարկել այնպիսի վարժարաններ, որոնց անունները համբաւ կը վայելեն։ «Մենք եթէ միայն խօսինք, ապա կը սպառինք, կանգուն կրնանք մնալ միայն ու միայն աշխատելով», ըսաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Յայտագրի յաջորդ բաժինը շարունակուեցաւ վարժարանի պարտէզին մէջ։ Ըստ դասարաններու սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան էսաեանցիները։ Բաժակի պահուն բոլորը հանդէս եկան դպրոցի յաւերժութեան մաղթանքով։ Յայտագրի այս փուլին ելոյթներ ունեցան Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ, որոնք շնորհաւորեցին յոբելեար շրջանաւարտները եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին, որ Էսաեան վարժարանի համար կ՚ընէ անհրաժեշտ ամէն ինչ։

Բաժակի օրուան տեւողութեան էսաեանցիները հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։ Բոլորին համար մեծ երջանկութեան առիթ էր հերթական անգամ շնչել իրենց սիրեցեալ դպրոցին մթնոլորտը։ Յոբելեար շրջանաւարտները այս առթիւ իրենց զօրակցութեան բաժինն ալ տուին դպրոցին համար։

Միւս կողմէ, Էսաեանի յոբելեար շրջանաւարտները եւ պատասխանատուները երէկ ալ համախմբուեցան դարձեալ դպրոցի համալիրէն ներս՝ մասնակցութիւն բերելով Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։ Պատարագիչն էր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Էսաեան վարժարանի հիմնադիրները, անդարձ բաժնուած տնօրէնները, կրթական մշակները, սաներն ու սատարողները։

     

Երկուշաբթի, Մայիս 28, 2018