ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մալաթիայի գլխաւոր քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մալաթիահայ հայրենակցական միութեան (Հայտէր) անդամները։

Քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքան փափաքած էր անձամբ տեսակցիլ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ եւ զրուցել Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգման ծրագրին շուրջ։ Ան դիտել տուաւ, որ այդ եկեղեցին քաղաքի մշակութային արժէքներէն մին կը համարուի, իբր այդ նախաձեռնած են անոր բարեզարդման աշխատանքներուն։ Քաղաքապետը ուրախութիւն յայտնեց, որ նախագիծը կը մօտենայ իր աւարտին։ Այս առթիւ կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան ցարդ կեանքի կոչուած աշխատանքներուն եւ նախանշուեցան մօտաւոր ապագայի վերաբերեալ ծրագիրները։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց  քաղաքապետի այցելութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ Մալաթիոյ կրօնամշակութային պատմական արժէքներէն մին կը վերարժեւորուի եւ եկեղեցին դարձեալ երկինք կը խոյանայ։ Զրոյցի տեւողութեան նշուեցաւ, թէ Մալաթիոյ մէջ տակաւին կը գտնուին թրքահայ համայնքէն անդամներ, որոնք եւս ուրախութիւն կ՚ապրին քաղաքապետարանի սոյն նախաձեռնութեան բերումով։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը այս ծրագրի յաջողութեամբ ի կատար ածուելուն համար բարեմաղթանքներ յղեց քաղաքապետին, նաեւ դրական մաղթանքներ ներկայացուց քաղաքապետարանի ընդհանուր գործունէութեան համար։

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021