ԱՇԽՈՅԺ ԵՐԹԵՒԵԿ
Պատրիարքարանի մէջ այս առաւօտ գումարուեցաւ Եկեղեցականաց համագումար ժողովը, որուն նախագահեց Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հետզհետէ կ՚աշխուժանայ պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման ուղղեալ երթեւեկը։ Այս առաւօտ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տեղապահի պաշտօնի կոչուելէն վերջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Եկեղեցականաց համագումարը։ Իսլամաց Ռամազանի տօնի արձակուրդի օրերուն ալ Նորին Սրբազնութիւնը շարունակեց աշխատանքը՝ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ ունենալով համայնքէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւոր էր Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ վերջին օրերու արձակուրդէն անմիջապէս առաջ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Կրօնական ժողովի առաջին նիստին յաջորդեց այդ հանդիպումը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ չէր մասնակցած Կրօնական ժողովի նիստին, այսօր ալ ակամայ կը բացակայի Եկեղեցականաց համագումարէն։ Այս երկու կարեւոր նիստերու միջանկեալ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տեսակցութիւնը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները որեւէ պաշտօնական հաղորդում չեն կատարած այս մասին։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երկու բարձրաստիճան հոգեւորականները զրուցած են փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մը մէջ՝ սեղանի վրայ դնելով Պատրիարքական Աթոռի առկայ խնդիրները՝ մասնաւորապէս անցումային ներկայ փուլի դժուարութիւններու յաղթահարման հեռանկարով։
Ընդհանուր առմամբ, ներկայիս Գումգաբուի մէջ ուշադիր աշխատանք մը կը տարուի՝ յաչս պետութեան բանաձեւելու եւ հիմնաւորելու համար ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնին վերջ գտած ըլլալը։ Արդարեւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին հասցէագրուած յայտնի հրաւէր-նամակով բոլոր խնդիրները կարգաւորուած են եկեղեցական հարթութեան վրայ։ Տեղապահի ընտրութիւնով արդէն ինքնաբերաբար վերջ գտած է ընդհանուր փոխանորդի գործունէութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, քանի որ ընդհանուր փոխանորդը կառավարութեան որոշմնագրով ճանաչում գտած էր, ներկայիս այդ առանցքին վրայ ալ հարթ եւ ապահով անցում մը կազմակերպելու նպատակը որդեգրուած է Գումգաբուի մէջ։ Այս իսկ պատճառով, կը նախատեսուի, որ Եկեղեցականաց համագումարը այսօրուան նիստին ընթացքին հաստատէ այս հանգամանքը՝ ձեւով մը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Տ. ԳարգիՆ Արք. Պեքճեանին ուղարկուած հրաւէր-նամակը ընկալելով որպէս հրաժարական։
Երբ թերթս մամուլին կը յանձնէինք, Եկեղեցականաց համագումարի նիստը կը շարունակուէր։ Հաւանական է, որ օրուան տեւողութեան այս ժողովի արդիւնքին շուրջ հրապարակուի պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը՝ մանաւանդ, որ վերջին օրերու արձակուրդէն անմիջապէս առաջ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ պաշտօնական դիմում-նամակ մըն ալ ուղարկուած էր Իսթանպուլի կուսակալութեան։