ԼԵՆԱ ՔԱԹԸՔԷՕՅ ԵՒ ՇԱՆԹ ՉԱՔՄԱՔՃԸ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱՆ ՆՈՐԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Հայաստանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ թրքահայ համայնքին տեսակէտէ յատկանշական հարսանիք մը։ Այսպէս, երկրի հարաւի պատմական վանքերէն Նորավանքի մէջ ամուսնացան մեր համայնքէն Լենա Քաթըքէօյ եւ Շանթ Չաքմաքճը։ Սուրբ պսակի խորհրդակատարութիւնը իրականացուց պատմական վանքի հովիւ Տ. Սահակ Քհնյ. Մարտիրոսեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան։ Խաչեղբայրն էր՝ Կերհարտ եւ Շնորհիկ Պատեն ամոլը։

Իսլամաց Ռամազանի տօնի արձակուրդի օրերուն զուգադիպեցաւ այս հարսնիքը։ Ծանօթ է, որ Շանթ Չաքմաքճը Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետն է։ Հարսանիքի օրը Լենա Քաթըքէօյի եւ Շանթ Չաքմաքճըի ուրախակից եղան մեր համայնքէն իրենց բազմաթիւ բարեկամները։ Ներկաներու շարքին կը գտնուէին մանաւանդ Կեդրոնական վարժարանի 1993 թուականի շրջանաւարտները, որոնք եղած էին Շանթ Չաքմաքճըի դասընկերները։

Հարսնիքի բոլոր մասնակիցները Երեւանէն յատուկ օթօպիւսով մը ճամբորդեցին դէպի Նորավանք։ Խորհրդակատարութենէն վերջ, խումբը վերադարձաւ Երեւան, ուր երեկոյեան նորապսակ ամոլին ի պատիւ ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ «Ակումբ» ճաշարանին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017