ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի հիւպատոսարանէն ներս կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան մը։ Այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ի պատիւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիսի, որ աւարտին կը հասցնէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը քաղաքէս ներս։ Ան յառաջիկայ օգոստոսին պիտի աւարտէ իր առաքելութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը հրաժեշտի հաւաքոյթի ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց Սեքերիսի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին մշակուած ջերմ յարաբերութիւններուն եւ բարեկամութեան համար։ Ընդհանուր փոխանորդը միեւնոյն ժամանակ Էվանկելոս Սեքերիսին յաջողութիւններ մաղթեց ապագայ պաշտօններուն մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018