ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն համար ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցաւ հրաժեշտի երեկոյթ մը, դպրոցի պարտէզին մէջ։ Ներկայ էին ատենապետ Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութեան անդամները, սանուց միութեան ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, Դպրեվանքի ընտանիքէն պատասխանատուներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը ներկայիս տխրութեամբ համակուած է վարժարանի բազմամեայ առասպելական տնօրէն Հայկ Նշանի մահուան պատճառով։ Ուստի, այս տարի շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած էր հրաժեշտի շատ պարզ հանդիսութիւն մը։ Բոլոր դպրեվանքցիները ապագայ յաջողութեան մաղթանքով հրաժեշտ տուին ընթացաւարտներուն, որոնց համար պատրաստուած կարկանդակն ալ հատուեցաւ ծափահարութիւններով։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019