ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի շրջանաւարտներուն համար շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հրաժեշտի խանդավառ հանդիսութիւն մը։ Լիսէի 53-րդ ը-ջանաւարտները ուղեւորուեցան՝ Սամաթիոյ ընտանիքի ամենաջերմ զգացումներուն առարկայ դառնալով։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Քարապուլութ, տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու, կրթական մշակներ, Սամաթիոյ ընտանիքէն զանազան դէմքեր, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։

Հանդէսի ընթացքին շրջանաւարտները՝ պարտէզի կեդրոնը իրենց համար պատրաստուած հարթակին վրայ էին՝ մինչ յայտագիրը գործադրուեցաւ դպրոցի ուսուցիչներէն Սիրուն Էօզչելիքի հանդիսավարութեամբ։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին Արէտ Քարապուլութ եւ Տիանա Եըլանճըօղլու։

Տղաքը մի առ մի ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները, իսկ յաջողագոյններուն համար պատրաստուած էին զանազան պարգեւներ։

Շրջանաւարտութեան հանդէսի յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022